2016-10-08 09:35:00

Քոլումպիոյ նախագահը` խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր


Երէկ Օսլոյի մէջ յայտարարուեցաւ, որ Խաղաղութեան նոպելեան մրցանակը շնորհուած է Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոսին` երկրի իշխանութիւններուն եւ Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերու խմբաւորման միջեւ 52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի տագնապը լուծելու առնչութեամբ կատարած փորձին համար:

Սեպտեմբերին Քոլոմպիոյ իշխանութիւնները հաշտութեան պատմական համաձայնագիր մը կնքած էին Քոլոմպիոյ յեղափոխական զինեալ ուժերու խմբաւորման հետ: Փաստաթուղթին ստորագրումը տեղի ունեցած էր քոլոմպիական Քարթախենա քաղաքին մէջ:

Պատմական փաստաթուղթին տակ իրենց ստորագրութիւնները դրած էին երկրի նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս եւ ապստամբներու նախկին ղեկավար Ռոտրիկօ Լոտոնիօ Էչեւերի, որ ծանօթ է Թիմոչենքօ անունով:

52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին արձանագրուած էին 260 հազար զոհեր եւ վեց միլիոն մարդիկ տեղահանուած էի








All the contents on this site are copyrighted ©.